2026 թուականին Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ կենսաբազմազանութեան կողմերու համաժողովը՝ Cop17-ը։
Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարար Յակոբ Սիմիդեանը։
«65 ձայնով Հայաստանն ընտրուել է որպէս Կենսաբազմազանութեան կողմերի համաժողովի հիւրընկալող երկիր»,- գրած է ան։
Նշենք, որ ընտրութիւնը կատարած են Քոլումպիայի Քալի քաղաքին մէջ ընթացող COP16-ի մասնակից երկիրները։
Միջոցառումը նուիրուած է բնապահպանական խնդիրներու քննարկման, կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու եւ կենսաբազմազանութիւնը պաշտպանելու համար համաձայնեցուած լուծումներ գտնելուն: