Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները պայմանաւորուած են գնահատել տեխնիկական կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ/Աքիաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը։ Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Յուլիսի 30-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ դեսպան Սերտար Քըլըչը հինգերորդ հանդիպումը ունեցած են երկու երկիրներու սահմանի Մարկարա-Ալիճան անցման կէտին վրայ։ Անոնք վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
«Բացի այդ, նրանք պայմանաւորուել են տարածաշրջանային զարգացումներին համապատասխան գնահատել տեխնիկական կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ/Աքյաքա երկաթուղու սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել վիզայի ընթացակարգերը դիւանագիտական/պաշտօնական անձնագրեր ունեցողների համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ռուբինեան եւ Քըլըչ ընդգծած են կարգաւորման գործընթացն առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու պայմանաւորուածութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար։