Երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ այլք, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Անոնք ծաղկեպսակ դրին յուշակոթողի մօտ, ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի շուրջ:
Յիշեցնենք՝ այսօր կը կրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։