Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը, անդրադառնալով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Ղազինեանի ելոյթին, նշած է, որ վիրաւորանքը պէտք է դիտարկել որպէս առարկայական (ըստ իրողութեան), այլ ոչ թէ ենթակայական (անձնական) երեւոյթ, իսկ քաղաքական դիրքորոշման դրսեւորումները չեն կրնար ինքնին համարուիլ վիրաւորանք։
«Դուք ասում էք, օրինակ, ամէն անգամ, երբ որ ձեր նշած անձին դիմեն եկեղեցական անունով, ես դա համարելու եմ պռովոկացիա։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, որը համարում է, որ ձեր նշած անձը կուսակրօնութեան ուխտը խախտել է, եւ, հետեւաբար, իրեն հնարաւոր չէ դիմել այդ անունով, դա էլ համարեք պռովոկացիա»։
Խօսնակը նաեւ նշած է, որ եթէ որեւէ քաղաքական ուժ կը համարէ, որ յիշատակուած անձը խախտած է կուսակրօնութեան ուխտը եւ այդ պատճառով չի դիմեր անոր եկեղեցական անունով, ապա այդ պէտք է գնահատուի որպէս քաղաքական դիրքորոշման դրսեւորում, այլ ոչ թէ վիրաւորանք կամ սադրանք։
Ելոյթի աւարտին ան ընդգծած է, որ բոլոր պատգամաւորները պէտք է ակնկալեն, որ Ազգային ժողովի ամպիոնէն վիրաւորանքներ չեն հնչեր, եւ հաւաստիացուցած է, որ ատոր համար պիտի կատարուի հնարաւոր ամէն ինչ։
Յիշեցնենք, որ երբ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորները Կաթողիկոսի մասին խօսելու ժամանակ կը հնչեցնէին անոր աւազանի անունը, Ղազինեանն այն անուանած էր վիրաւորական։