Գանատան նաեւ լիարժէք դեսպանութիւն պիտի բանայ Հայաստանի մէջ` մշտական դեսպանով, ինչ որ պիտի ամրապնդէ երկկողմ կապերը եւ պիտի աւելցնէ Գանատայի աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութեան:
Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլին յայտարարած է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի մէջ Գանատայի դիւանագիտական ներկայութեան եւ ներուժի ընդլայնման մասին:
«Եւրոմիութեան եւ Եւրոպայի մէջ Գանատայի յատուկ բանագնաց եւ Գերմանիոյ մէջ դեսպան Սթիվըն Տիոնի առաքելութենէն եւ զեկոյցէն յետոյ Գանատայի աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութիւնը մեծցնելու ուղիներու վերաբերեալ, Գանատան նաեւ լիարժէք դեսպանութիւն պիտի բանայ Հայաստանի մէջ` մշտական դեսպանով, ինչ որ պիտի ամրապնդէ երկկողմ կապերը եւ պիտի աւելցնէ Գանատայի աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութեան:
Դիւանագիտական այս ընդլայնումը պիտի օգնէ Գանատայի արձագանգը ուղղել անվտանգութեան ի յայտ եկող սպառնալիքներուն, ամրապնդել քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը եւրոպացի դաշնակիցներուն աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ հակազդել Ուքրանիոյ ռուսական ներխուժման հետեւանքներուն եւ աջակցիլ Հայաստանին իր ժողովրդավարական զարգացման գործին մէջ», կ'ըսուի Գանատայի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ:
«Անդրատլանտեան անվտանգութիւնը չափազանց կարեւոր է միջազգային կայունութեան համար: Հիմնուելով Գանատայի` իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ ամուր յարաբերութիւններու վրայ` այսօր յայտարարուած փոփոխութիւնները պիտի օգնեն ապահովելու մեզ մօտ անհրաժեշտ գործիքների առկայութիւնը` հայկական ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ մեր ժամանակներու անվտանգութեան եւ դիւանագիտութեան ամենալուրջ խնդիրներու լուծման համար», յայտարարած է Ժոլին: