Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի (SEDE) պատուիրակներն այցելած են Գորիսի մէջ՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) կեդրոն՝ տեղւոյն վրայ աւելի լաւ պատկերացում կազմելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային տարածքներու մէջ անվտանգութեան իրավիճակի մասին։ Այս մասին յայտնած է eeas.europa.eu կայքը:
Նշուած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոյի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը միացած է Եւրոպական Միութեան առքելութեան՝ պարեկութիւն կատարելու հայկական կողմէն Հակարի կամուրջի մօտ, որ կը տանի դէպի Լաչինի միջանցք: