image

Հայաստանի մէջ. Եղանակը պիտի շարունակէ տաքնալ

Հայաստանի մէջ. Եղանակը  պիտի շարունակէ տաքնալ

Երեւանի մէջ Մարտ 11-ի յետմիջօրէին, ինչպէս նաեւ Մարտ 12-16-ին, կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Այս մասին կը հաղորդէ «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ Մոնիթորինկի Կեդրոնը»։

Մարզերուն մէջ եւս Մարտ 11-ի յետմիջօրէին եւ Մարտ 12-16-ին կը կանխատեսուի առանց տեղումներու եղանակ։ Քամին՝ հարաւարեւելեան, 2-5 մ/վ։ Օդի ջերմաստիճանը Մարտ 11-ի յետմիջօրէին, ինչպէս նաեւ 12-16-ին, աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 4-6 աստիճանով։