image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մարզիկները 5 արծաթեայ եւ 5 պրոնզեայ մետալներ շահեցան Սամպոյի մրցաշարքէն

 Հայաստանի մարզիկները 5 արծաթեայ եւ 5 պրոնզեայ մետալներ շահեցան Սամպոյի մրցաշարքէն

Հայաստանի Սամպոյի հաւաքականը Երեւանի մէջ կայացած աշխարհի առաջնութեան ընդհանուր 10 մետալ նուաճած է, յայտնած են Սամպոյի ֆետերացիայէն։

Հայ մարզիկներէն 5-ը նուաճած է՝ արծաթեայ, իսկ միւս 5-ը պրոնզեայ մետալներ։ Արծաթեայ մետալակիրներ դարձած են Դաւիթ Գրիգորեանը, Բորիս Շատվերեանը, Աւետիք Պօղոսեանը, Արամ Աղաջանեանը եւ Վահրամ Գրիգորեանը։ Պրոնզեայ մետալակիրներ դարձած են Վահագն Չալեանը, Արման Աւանէսեանը, Սարգիս Վարդանեանը, Վարսիկ Գրիգորեանը եւ Վաչիկ Վարդանեանը։