Հայաստանի ազգային հաւաքականը ունեցած է առաջին մարզումը Զուիցերիոյ մէջ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՖՖ պաշտօնական կայքը:
«Թեթեւ վազքեր, երկկորղմանի խաղ՝ տարբեր կազմերով, անհատական ծրագրով վարժութիւններ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Հաւաքականի մարզման կը մասնակցէր 25 ֆութպոլիստ: Չուերթներու ուշացման պատճառով Գէորգ Ղազարեանը եւ Յովհաննէս Համբարձումեանը չէին հասցուցած ժամանել Սեն Կալեն մինչ մարզումը:
Մարզումէն ետք կայացած երկկողմանի հանդիպման ժամանակ շարք մը ֆութպոլիստներ փորձարկուած են տարբեր դիրքերու վրայ, մարզիչները դիտարկած են ռազմավարական տարբեր սխեմաներ:
23 Մարտին Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի ունենայ եւս մէկ մարզում Ուցուիլի խաղադաշտին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Լիխթընշթայն-Հայաստան հանդիպումը պիտի կայանայ 25 մարտին՝ Վատուց քաղաքի «Ռեյնփարք» մարզադաշտին մէջ: