Այսօր աշխարհի մէջ նշած են Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Այս առիթով Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը հայերէնով ուղերձ յղած է:
«Այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Այն ընդունուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ եւ նշուած է 2000 թուականի փետրուար 21-էն:
Մայրենի լեզուի միջազգային օրը 2005 թուականէն նշուած է նաեւ Հայաստանի մէջ:
Հայերէնն աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկն է։ Ուրախ եմ բոլորիս շնորհաւորել այս հրաշալի տօնի առթիւ»,- ըսած է Վասիլիս Մարակոսը՝ ասմունքելով հատուածներ Համօ Սահեանի «Գարունդ հայերէն է գալիս» բանաստեղծութենէն։