ԵՄ-ն կ'ողջունէ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ աշխատելու երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ եւ այդ նպատակով յատուկ բանագնացներու նշանակումը։ Այդ մասին ըսուած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ։
«Այս ուրբաթ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը կարեւոր քայլ էր, եւ Եւրոմիութիւնը կը խրախուսէ ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Հայաստանը հետագայ ջանքեր գործադրելու այս ուղղութեամբ։
Յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած որեւէ հետագայ ճշգրիտ քայլ լաւ նորութիւն պիտի ըլլայ տարածաշրջանային կայունութեան եւ հաշտեցման ու տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն համար։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հյարաբերութիւններու կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի ԵՄ-ի համար երկու երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ 2014-էն ի վեր ԵՄ-ն աւելի քան 4,5 միլիոն եւրո տրամադրած է նախագիծերուն, որոնց նպատակն է հող նախապատրաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման համար շարք մը ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են տնտեսութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը եւ հաղորդակցութեան փոխանակումը:
ԵՄ-ն պատրաստ է հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուված հնարաւոր լրացուցիչ քայլերուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: