Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի շրջածիրէն ներս պիտի քննարկեն հայկական արտադրանքի ներմուծման հետ կապուած իրավիճակը։
Այս մասին Ազգային Ժողովի տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը` անդրադառնալով «Ռոսսելխոզնադզօրի» յայտարարութեան։
Աւելի վաղ «Ռոսսելխոզնադզօրը» մտահոգութիւն յայտնած էր Հայաստանէն բուսական արտադրանքի մատակարարման ժամանակ խախտումներու աւելացման առնչութեամբ:
Քերոբեանի խօսքով՝ նախորդ տարի 40-էն պակաս դէպք եղած է (այժմ արդէն 72-ն է, խմբ.), եւ այն ժամանակ եւս արտադրանքը Ռուսիոյ Դաշնութենէն կը վերադարձուէր: