Հայաստանն ու Ատրպէյճանը այժմ հնարաւորութիւն ունին յառաջ շարժելու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Նման կարծիք յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Գարեն Տոնֆրիտը:
«Ես կը հաւատամ, որ այժմ իսկական յոյս կայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար կայ հնարաւորութիւն յառաջ շարժելու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու հարցին մէջ», ըսած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչը:
«Մենք տեսած ենք, որ երկու երկիրներն ալ կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկեն», ըսած է Տոնֆրիտը: