Օրերս Սուրիոյ մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ վարդապետներէն Գերյ. Տ. Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան նիւթական յատկացում մը կատարած է Քեսապի հայ աշակերտներուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի» դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝ «Քեսապի Հայ երեք համայնքներու՝ Հայ Կաթողիկէ, Հայ Առաքելական, Հայ Աւետարանական եւ Քեսապահայ ընտանիքներու անունով մեր խորհին երախտագիտութիւնը եւ սէրը կը յայտնենք Գամիշլիի, Հասաքէի եւ Տէր Զօրի Առաջնորդ՝ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Այվազեանին իր նորոգ հանգուցեալ եղբօր՝ Մինաս Այվազեանին անթառամ յիշատակին կատարած նիւթական նուիրատութեան, անխտիր Քեսապի հայ երեք համայնքներու երեխաներուն՝ դպրոցական վերամուտին առթիւ (09-09-2021-ին)։