image

Լոս Անճըլըս. Սուրբ գրական պատումներով հայատառ puzzle. Լաւագոյն նուէր մը հայ երեխաներուն

Լոս Անճըլըս. Սուրբ գրական պատումներով հայատառ puzzle. Լաւագոյն նուէր մը հայ երեխաներուն

Միացեալ Նահանգներու մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Մաշտոց Չոպանեանի (Մօտիկ անցեալին Հոգշ. Տ. Մաշտոց վրդ. Չոպանեան)  դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

Սիրելի ծնողներ եւ բարեկամներ,

Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծննդեան այս օրհնաբեր տօնական օրերուն, ի՞նչ աւելի գեղեցիկ նուէր կրնայ ըլլալ, քան ձեր երեխաներուն նուիրել նկարախաղով Մանկական Աստուածաշունչը։ Այս եզակի գիրքին մէջ երեխաները խաղալով կը ծանօթանան Յիսուս Քրիստոսի կեանքին, առաքելութեան եւ անոր կատարած հրաշքներուն, ինչպէս նաեւ Հին Կտակարանի հերոսներուն։

Մանկական Աստուածաշունչը ոչ միայն ընթերցանութիւն է, այլ նաեւ ուրախ խաղ․ պատմութիւնը լսելու ընթացքին երեխաները կը կազմեն անոր հետ կապուած պատկերները puzzle-ի տարբերակով՝ զարգացնելով իրենց մտածողութիւնը եւ կեդրոնացումը։

Նկարախաղ Մանկական Աստուածաշունչը մատչելի է Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն տարբերակներով։

Օրինակ մը ունենալու համար, դիմեցէք հետեւեալ հեռախօսաթիւին՝

(818) 634-2057։

Happy New Year & Merry Christmas 

A meaningful and joyful gift for children!

Illustrated Puzzle Children’s Bible — Bible stories brought to life through play.

Read, listen, and build puzzles while discovering the life and miracles of Jesus Christ.

Available in Western & Eastern Armenian.

Call for details: (818) 634-2057.