image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Քաղաքական Բանտարկեալ Սեւան Նշանեան 7 Օրուան Համար Ազատ Արձակուած է

Հայ Քաղաքական Բանտարկեալ Սեւան  Նշանեան   7 Օրուան Համար Ազատ Արձակուած է

Թուրքիա-Անգարայէն ստանալով մեր տեղեկութիւնները կը յայտնենք, որ Աղլանճայի բանտին մէջ գտնուող Սեւան Նշանեան այսօր 7 օրուան համար ազատ արձակուած է: Մեր աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ այս ազատ արձակումը կապ ունի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած «բանտային բաց ռէժիմին»ին հետ: «Արեւելք» յաջողեցաւ կապ հաստատել Սեւան Նշանանին հետ եւ հարցազրոյց մը կատարել: Աւելի ուշ պիտի հրապարակենք այդ բացառիկ հարցազրոյցը: