Օրերս, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի կողմէ Միրէյ Շիրինեան-Հարամանտայեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ մայրերու ունեցած կարեւորութեան, հայութեան կեանքին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին: Աւարտին ան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հայ մայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որոնք սիրով եւ իմաստութեամբ կերտած են մեր կեանքը, հաստատելով, որ անոնց տոկունութիւնն ու հաստատակամ կամքը կը լուսաւորեն գալիք սերունդներուն ճամբան:
Նախաճաշի կողքին, սկաուտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուց ձեռնարկը:
Օրուան պատգամախօսն էր նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ իր խօսքին մէջ մատնանշեց մօր անսահման զոհողութիւնները եւ նուիրական դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ` շեշտելով. «Մայրը մեր կեանքի յուշերուն ճարտարապետն է, լուռ հերոսը մեր ամէնօրեայ յաղթանակներուն եւ պողպատեայ զօրացնող սիւնը: Հայու արժէքի գիտակցութիւնը ունեցող հայ մօր օրինակը վարակիչ թող դառնայ անոնց, որոնք տակաւին չեն ըմբռնած հայ ըլլալու, բայց մանաւանդ հայ մնալու բացառիկ արժէքը եւ հարստութիւնը»: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ ապազգայացնող հոսանքին դիմաց հսկայական է հայ մօր դերակատարութիւնը, թուային այս աշխարհին ու ընկերային ցանցերու անհամեմատ տարածման ներկայ ժամանակաշրջանին` Դիմատետր, Ինսթակրամ, Թիք-թոք, որոնք վտանգ կը սպառնան մեր զաւակներուն, մեր մայրերը դէմ յանդիման են նոր մարտահրաւէրի` պաշտպանելու համար իրենց զաւակները եւ պայքարելու այլանդակութիւններու դէմ:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Պատի՛ւ հայ մայրերուն, որոնք գիտեն հայութեամբ հպարտանալ եւ հայու արժէքները փոխանցել իրենց զաւակներուն: Դո՛ւք էք սիւնը հայ ընտանիքին, հաւատքին, եկեղեցիին ու հայրենիքին»:
Աւարտին ներկաները ստացան յիշատակի նուէրներ, ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան: