image

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի Ընտրութիւն. Վատիկան Պիտի Միջամտէ Ճիշդ Պահուն

Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքի Ընտրութիւն.   Վատիկան  Պիտի  Միջամտէ Ճիշդ Պահուն

Լիբանան-   Զմմառու   վանքէն ներս արդէն  10-րդ օրն է, որ կը շարունակուին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի  ընտրութեան համար գումարուող  նիստերը:  Կաթողիկէ  15   եպիսկոպոսներէ  գոյացած Սիւնոտական ժողովը  ցարդ  չէ  կրցած         նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը  կայացնել: Կան թեր եւ դէմ կարծիքներ եւ նախօրօք շրջառութեան մէջ եղող   հիմնական 3  թեկնածուները մինչեւ այս պահը չեն կրցած    Պատրիարք ընտրուելու անհրաժեշտ քուէներուն,   երկու երրորդը ապահովել:   Մեր ունեցած  տեղեկութիւններուն համաձայն  Վատիկան   կրնայ  յառաջիկայ ժամերուն դիպուկ  միջամտութիւն կատարելով, ժողովը նոր հունի տանիլ: Այսինքն,      մեծ  հաւանականութիւն կայ,որ Զմմառու պատմակերտ վանքէն   յառաջիկայ  ժամերուն  Պատրիարքի ընտրութունը աւետող սպիտակ ծուխի բարձրացումը տեսնել:  Ըստ  նոյն աղբիւրներուն Վատիկան     Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի պաշտօնին համար ունի  երկու հիմնական  թեկնածուներ:   Երկու  թեկնածուներն են ՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ   Արեւելեան Եւրոպայի եւ  Հայաստանի Առաջնորդ՝ Տ. Ռաֆայէլ Եպս. Մինասեան եւ  Պոլսոյ  Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ  Տ. Լեւոն Եպս.   Զէքիեան:  Տ.  Լեւոն Զէքիեանի  թեկնածուութեան   հարցը  միայն վերջին ժամերուն  սկսաւ  շրջառաութեան մէջ դրուիլ:  Գիտական  բարձր կոչումներ եւ  Հայ եկեղեցականի  վայել  բոլոր արժանիքները ունեցող Տ.  Զէքիեան սրբազան նոյնպէս   կը համարուի   Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  ամէնէն   նախընտրելի թեկնածուն:«Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ  պատմական  այս իրադարձութեան: