Ուրբաթ օր՝ 20 յունիս, 2025-ին, Ալպերթօ Ֆերնանտէզ այցելած է Լիբանանի Զահլէ քաղաքը եւ ծանօթացած այնտեղի կրօնական եւ քաղաքապետարանի գործունէութեան։ Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համացանցէն:
Ալպերթօ Ֆերնանտէզ, այժմ խմբագիրն է Կաթոլիկ Եկեղեցիներու պարբերաթերթի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու բաժնին. պարբերաթերթը կը պատկանի Վատիկանի Սուրբ Աթոռին։ Ան նախապէս գրաւած է զանազան պաշտօններ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին մէջ, եղած է Միացեալ Նահագներու դեսպան քանի մը երկիրներու մօտ, Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող, Միացեալ Նահագներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով զբաղող գրասենեակի մամլոյ եւ հանրային դիւանագիտութեան տնօրէն նաեւ Միջին Արեւելքի ամերիկեան քաղաքականութեան խօսնակ։ Ան եղած է նաեւ Միջին Արեւելքի հեռարձակման ցանցերու նախագահ, (MBN արաբերէն լեզուով սփռուող լրատուական գործակալութիւն է, որ կը ներառէ «Ալ Հուրրա», «Ռատիօ Սաուա» եւ այլ թուայնային ցանցեր)։
Ալպերթօ Ֆերնանտէզի Զահլէ այցելութեան ժամանակ անոր ուղեկցած են Համաշխարհային քրիստոնէական միութեան Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի նախագահ՝ դոկտ. Թոնի Նիսին, լիբանանցի-ամերիկացի ակադեմիկոս՝ դոկտ. Սահակ Անտէքեան, «Ալ Մաշրէք» ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ՝ փրոֆեսոր Շարպել Ապու Մարուն, իրաւաբան Նազարէթ Անտէքեանը եւ երկրաչափ Միշել Ռաիտին:
Ֆերնանտէզ այցելած է գերշ. մետրապոլիտ Անթոնիոս Սուրին, գերշ. Մար Եոսթինոս Պուլոս Սաֆարին Մար Իլիաս Թուքի վանք եւ Զահլէի քաղաքապետ՝ Սալիմ Ղազալէն:
Այցելութիւններու ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ձգտումները եւ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ որոշ կարեւոր նախագիծերու ֆինանսաւորումը: