Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը չի կրնար դառնալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ձեւաչափի պատանդը:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ձգձգումը կը պարունակէ լուրջ վտանգներ: Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովը ռուսաստանցի իր գործընկեր Սերգէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսին:
«Ատրպէյճանի դիրքորոշումն այն է, որ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար բոլոր եռակողմ յայտարարութիւններու (Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարների) ամբողջական եւ խստիւ իրականացումը բացարձակապէս անհրաժեշտ է, եւ սա է ամբողջ տարածաշրջանի զարգացման բանալին: Միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ձգձգումը կը բերէ բացասական ազդեցութիւն` յղի լուրջ վտանգներով», ըսած է ան:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը չի կրնար դառնալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ձեւաչափի պատանդը, ըսած է Պայրամովը:
Միաժամանակ Պայրամով նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը չէ հրաժարած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հետ շփումներէն եւ փոխգործակցութենէն: Անոր խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն յետոյ միջնորդներէն խնդրած են յետհակամարտային իրավիճակին մէջ գործողութիւններու ծրագիր ներկայացնել:
«Մինսքի խումբին հետ շփումները շարունակուած են եւս մէկ տարի, սակայն, ցաւօք, համանախագահներէն առաջարկներ չեն ստացած», յաւելած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: