image

Հաստատուած է Ղարաբաղեան Շարժման 30ամեակի Խորհրդանիշը

Հաստատուած է Ղարաբաղեան Շարժման 30ամեակի Խորհրդանիշը

Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 30րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուեցան խորհրդանիշի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները:

Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացումով՝ 10-31 Դեկտեմբեր 2017 յայտարարուած մրցոյթին ընթացքին 26 մասնակիցներու կողմէ յանձնաժողովին ուղարկուած է 77 խորհրդանիշի նմոյշներ: Քննարկման ընթացքին յաղթող ճանչցուեցաւ Նինա Շահվերդեանի ներկայացուցած խորհրդանիշը եւ Արմէն Ղուկասեանի պաստառներու նախագիծը:

Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելենական յուշամետալի, թեմային վերաբերեալ գիրքերու եւ գրքոյկներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի, վաւերագրական ֆիլմերու, տեսահոլովակներու պատրաստում, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցոյթներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:

Յոբելենական ձեռնարկները պիտի սկսին 10-15 Փետրուարի ընթացքին՝ պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին 20 Փետրուարին: