Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ ՀՕՄի «Շուշ»ի մասնաճիւղի եւ Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ հայ վարժարանի (Լաս Վեկաս) 30ամեակներու տօնախմբութիւններուն առիթներով:
Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդը այցելեց Լաս Վեկասի Վերժին Քուճաքեան միօրեայ վարժարանը։ Դասարանները շրջելով՝ սրբազանը գնահատեց եւ քաջալերեց աշակերտները՝ իւրաքանչիւրին նուիրելով Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» երկլեզու աղօթագիրքէն օրինակներ:
Նոյն օրը երեկոյեան, առաջնորդ սրբազանը նախագահեց ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւն-ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալ-Գէորգեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, Ազգային երեսփոխաններ Արտա Եմենիճեան եւ Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ անդամներ Անի Քէշիշեան եւ Ժարմէն Միրզախանեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Խանճեան եւ փոխատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, բարերարներ, բարեկամներ, հիւրեր եւ ծխական ժողովուրդ:
Առաջնորդ սրբազանը ջերմագին ողջունելէ ետք ներկաները՝ օրհնեց սեղանները, գնահատեց ձեռնարկին հովանաւորները եւ դրուատեց երեկոն կազմակերպողները: Այնուհետեւ, Գեղամ սրբազանը ուղղեց իր սրտի խօսքը՝ զուգահեռ կատարելով Տէր Զօրի անապատին մէջ հայ մօր այն կերպարին, որ աւազներուն վրայ Այբուբէնը ուսուցանեց իր զաւակին եւ Լաս Վեկասի անապատին մէջ հայ մօր՝ Վերժին Քուճաքեանի, որ իր անձնական ճիգերով հիմը դրաւ Լաս Վեկասի ՀՕՄի շաբաթօրեայ հայկական վարժարանին՝ հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը սերմանելու Լաս Վեկասի նորակազմ եւ յարաճուն թափով զարգացող եւ կազմակերպուող գաղութին մէջ:
Շեշտը դնելով ՀՕՄի նուիրաբերումի առաքելութեան վրայ՝ սրբազանը մեծապէս գնահատեց հայկական իրականութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցող այս մեղուաջան կանացի կազմակերպութիւնը, որ հայ կնոջ առաքինութիւններուն եւ կարողութիւններուն դրսեւորման գործունէութեան դաշտը կը հանդիսանայ իր մարդասիրական եւ ազգանուէր ոգիով:
Կիրակի, 27 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ մը, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հովիւներ Պարգեւ քհնյ. Պալ-Գէորգեանը եւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանը. Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Ս. Պատարագին եւս ներկայ եղան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, Ազգային երեսփոխաններ Արտա Եմենիճեան եւ Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենեպատուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթին Խանճեան եւ փոխատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Իր պատգամին ընդմէջէն առաջնորդ սրբազանը առաջին հերթին անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ «Տօն Գիւտ Խաչին», պատմական ակնարկ մը նետելով Հեղինէ թագուհիին անկրկնելի նախաձեռնութեան, երբ անոր ճիգերով յայտնաբերուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Խաչափայտը: Գեղամ արքեպիսկոպոսը այս առիթով խօսեցաւ՝ ճշմարտութիւնները ի յայտ բերելու եւ երեւան հանելու կարեւորութեան մասին՝ շեշտելով, որ ճշմարտութիւնը կարելի չէ անթեղել, այլ պէտք է զայն բացայայտել իրական կեանքին մէջ։
Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Սիրոյ ճաշ մը՝ մասնակցութեամբ գաղութի ծխականներուն եւ բոլոր պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Զոյգ 30ամեակներու ուրախ առիթով, Գեղամ արքեպիսկոպոսը դարձեալ շնորհաւորեց համայնքի ղեկավարները եւ գնահատեց բոլոր բարերարներն ու նուիրեալները՝ վեր առնելով Քուճաքեան եւ Եմէնիճեան ընտանիքներու ներդրումը եկեղեցական եւ ազգային կեանքի բարգաւաճման ի նպաստ իրենց ցուցաբերած եւ մատուցած ծառայութիւններուն համար, նոյն ատեն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց՝ քաջ հաւատալով, որ անապատին մէջ ովասիս հանդիսացող այս գաղութը նուաճէ նոր բարձունքներ, յանուն ազգային եւ եկեղեցական կեանքի բարգաւաճման:
Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն