image
Հրատապ լուրեր:

«Հասնել Հայաստանը քայքայող իշխանութեան հեռացմանը...» Տեղի ունեցած է «Հայաստան» Դաշինքի անդամներու հաւաքը

«Հասնել Հայաստանը քայքայող իշխանութեան հեռացմանը...» Տեղի ունեցած է «Հայաստան» Դաշինքի անդամներու հաւաքը

14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է «Հայաստան» դաշինքի հաւաքը, որ վարած է Դաշինքի ղեկավար, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Նիստի ընթացքին քննարկուած են տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, երկրի առաջ կանգնած մարտահրաւէրները, լուծման ուղիները, Դաշինքի տարբեր օղակներուն մէջ աշխատանքներու կազմակերպչական հարցեր։

«Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանը յանձնարարականներ տուած է մեծցնել հանրային աշխոյժութիւնը երկրի համար բախտորոշ այս շրջանին, հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել խնդիրներու վրայ, աւելի աշխոյժացնել աշխատանքները Դաշինքի եւ հանրութեան միջեւ, ստեղծել կազմակերպչական աւելի արդիւնաւէտ ստորաբաժանումներ՝ Դաշինքի աշխատանքներուն նոր որակ հաղորդելու համար։

Դաշինքի անդամները վերահաստատած են իրենց նպատակը՝ հասնիլ Հայաստանը քայքայող ու կործանման տանող իշխանութեան օր առաջ հեռացման եւ իրականացնել Հայաստանը զարգացման նորմալ հուն տեղափոխելու՝ «Հայաստան» դաշինքի առաքելութիւնը։