Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի խաղաղապահները ապահոված են աւելի քան 100 ուխտաւորի անվտանգ այցը Ամարաս վանական համալիր, որ տեղակայուած է սահմանազատման գիծին մօտակայքը:
Ստեփանակերտէն պատարագի մասնակցելու համար վանական համալիր ուխտաւորները մեկնած են БТР-82А ժամանակակից զրահափոխադրիչներով՝ խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ:
Ինչպէս նշած է զօրակազմի ներկայացուցիչ Տմիթրի Օրլովը, խաղաղապահները այցէն առաջ մէկ օրուայ ընթացքին ստուգումներ կ'իրականացնեն պայթիւնավտանգ առարկաներու յայտնաբերման ուղղութեամբ: