Հայաստանն արդէն համաձայնութիւն յայտնած է նոյեմբեր 27-ին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովին քննարկուող եւ ընդունուող փաստաթուղթերու վերաբերեալ։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) դուրս գալու հարց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգին մէջ չկայ։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներց լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։
«Մեր առջեւ նման խնդիր դեռ չի դրուել։ Եթէ լինեն այդպիսի զարգացումներ, կը տեղեկացնենք»,-ըսած է ան։
Սաֆարեանը նշած է նաեւ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ կապուած մասնակցութեան ձեւաչափը յայտարարուած է․ Հայաստանը պիտի չմասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովներուն, բայց եւ պիտի չխոչընդոտէ որոշումներու, փաստաթուղթերու ընդունմանը։
Նշենք, որ նոյեմբեր 27-ին Ղրղզստանի մէջ նախատեսուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողով: