ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը Հայաստանի ինքնիշխան հարցն է. այսպէս մեկնաբանած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան յայտարարութիւնն առ այն, որ աւելի հաւանական է ՀՀ-ի դուրս գալը ՀԱՊԿ-էն, քան անդամակցութեան ապասառեցումը:
«Բայց միեւնոյն ժամանակ անոնք հետաքրքրուած են Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնով, այսինքն՝ անոնք կը վարեն տարբեր միջաշառաւիղային քաղաքականութիւն, ինչպէս իրենց կը թուի։ Բայց մենք, ի հարկէ, հետաքրքրուած ենք բոլոր միջաշառաւիղներով, բոլոր ուղղութիւններով առաւելագոյն փոխազդեցութեամբ, եւ բազմակողմ ձեւաչափէն բացի, մեզ կը միաւորեն նաեւ շատ սերտ երկկողմ յարաբերութիւնները։ Մենք մտադիր ենք ատոնք աւելի զարգացնել»,-ըսած է ան: