Երեւանի մէջ՝ յունուար 6-ի ցերեկը, 7-9-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Յունուար 5-ի ուշ երեկոյեան եւ 6-ի գիշերը պիտի ըլլան տեղումներ, բարձր գօտիին մէջ՝ ձիւնի, ցած գօտիին մէջ՝ թաց ձիւնի եւ ձիւնախառն անձրեւի տեսքով:
Օդի ջերմաստիճանը յունուար 6-ի գիշերը պիտի բարձրանայ 6-8 աստիճանով, 7-8-ի գիշերը պիտի նուազի` 7-10 աստիճանով։
Մարզերուն մէջ՝ յունուար 6-ի ցերեկը, 7-9-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Յունուար 5-ի երեկոյեան ժամերուն առանձին շրջաններու մէջ, 6-ի գիշերը՝ շրջաններու զգալի մասին մէջ, կը սպասուին տեղումներ՝ լեռնային եւ նախալեռնային գօտիին մէջ՝ ձիւնի տեսքով։ Լեռնային առանձին մարզերուն մէջ կը սպասուի նաեւ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Քամին` հիւսիսարեւմտեան, 2-4 մ/վ։