image

Հանդիպում Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրապոլիտ Աթէնակորասի հետ

Հանդիպում  Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրապոլիտ Աթէնակորասի հետ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի գրասենեակէն «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝

 

    Ուրբաթ, 21 Փետրուարին, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ընկերակցությամբ Պելճիքայի մէջ ծառայող Հայ եկեղեցւոյ 3 հոգեւորականների՝ Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Մաղաքիա Աբղ. Բեսքիսիզեան, այցելեցին  Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելճիքայի, Նիտերլանտներու եւ Լիւքսեմպուրկի Մետրոպոլիտ Աթէնակորասին։ Մետրոպոլիտ Աթէնակորաս նաեւ Պելճիքայի պետութեան մօտ բոլոր Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչն է։ Հանդիպման ընթացքին Խաժակ Սրբազան տեղեկութիւններ տուաւ Պելճիքայի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ գործունեութեան մասին։

Սրբազանը Մետրոպոլիտին ներկայացուց ներկայիս հինգ Հայկական   համայնքներուն ծառայող երեք Հայ հոգեւորականները։

Մետրոպոլիտ Աթենակորաս շնորհակալութիւն յայտնեց խաժակ Սրբազանին իր այցելութեան եւ Պելճիքայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան մասին տուած իր տեղեկութիւններու համար յայտնելով, որ ինք պատրաստ է օգտակար եւ զօրակից ըլլալու որպէսզի Հայ Եկեղեցին առաւել եւս կազմակերպուի եւ պաշտօնապէս ճանաչուի Պելճիքայի պետութեան մօտ։

Մետրոպոլիտը նաեւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ երեք Հոգեւորականներ Խաժակ Սրբազանի առաջնորդութեամբ կիրագործեն կարեւոր առաքելութիւն։