image

Շարժա. Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Սրբազան ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

Շարժա. Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Սրբազան ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

Հայ եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։

Ստորեւ Թեմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Երեքշաբթի՝ 22 Սեպտեմբեր 2026-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ բաղկացած հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ։

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր փոխանցել Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Եօհանօն Մար Տիմիթիոս Եպիսկոպոսի հրաւէրը՝ Սրբազան Հօր ներկայ գտնուելու Տուպայի եկեղեցւոյ յոբելեանին։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը ողջունեց պատուիրակութիւնը եւ մատնանշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնը՝ յայտնելով իր ներկայութիւնը եկեղեցւոյ յիսնամեակին նուիրուած ձեռնարկին։