Այսօր, 17 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ իր աշխատանքներուն կը ձեռնարկէ Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովը, որու նիստերը պիտի շարունակուին մինչեւ 20 Սեպտեմբեր։
Գագաթնաժողովի կազմակերպիչն է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը։
Այս կարեւոր միջոցառման ընթացքին Հայաստանի ու Սփիւռքի արդի մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, կայուն զարգացման կարելիութիւնները, ներկայի ու ապագայի կարեւոր հարցերը պիտի քննարկուին միջազգային հարթակի վրայ՝ զանազան ձեւաչափերով։
Ազգային ապահովութենէն մինչեւ բարձրագոյն թեքնիքագիտութիւն, տնտեսութիւն, գիտութիւն, հայրենադարձութիւն եւ սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւն։ Այս բոլոր հարցերու պատասխանը պիտի փնռտուի մասնակիցներու կողմէ։
Գագաթնաժողովը հիւրընկալած է Սփիւռքէն ու Հայաստանէն աւելի քան 1000 ներկայացուցիչ։ Քննարկումներու հիմնական ուղղութիւններն են՝ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի լիակատար ներգրաւման կարելիութիւնները, Սփիւռքի զարգացման հեռանկարները եւ պետութեան դերը, Համահայկական շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ ջանքերու համատեղումը, Հայրենադարձութիւնը որպէս Հայաստանի հզօրացման կարելիութիւն։