image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ներկայացուցիչները այցելեցին առաջնորդ Սրբազան հօր

Հալէպի մէջ. ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ներկայացուցիչները այցելեցին առաջնորդ Սրբազան հօր

Օրերս, Թեմակալ բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալած է ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ղեկավար փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան եւ Հայաստանէն նոր ժամանած 15-րդ խումբի հրամանատար Կոր Ղազարեանը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ  Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ  այս մասին գրած է  նշելով  հիմնական տուեալներ։

Երկուշաբթի, 11 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ղեկավար փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան եւ Հայաստանէն նոր ժամանած 15-րդ խումբի հրամանատար Կոր Ղազարեան։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, այցելուները անդրադարձան մարդասիրական առաքելութեան խումբի ականազերծողներուն եւ բժիշկներուն ներկայիս տարած մասնագիտական աշխատանքին։

Սրբազան Հայրը, իր կարգին, հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, աղօթեց, որ Ամենակալը Իր օրհնութիւնը առատապէս բաշխէ հայ զինուորներուն, պահէ ու պահպանէ զանոնք փորձանքներէն եւ կատարեալ յաջողութիւն պարգեւէ։