image

Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքը

Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքը

Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը վերսկսած է իր աշխատանքը, յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նոյմեբեր 27-ին ապստամբներու կողմէ Հալէպի գրաւումէն ետք ՀՀ հիւպատոսութեան անձնակազմը տեղափոխուած էր Դամասկոս, ապա Պէյրութ։

Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը դեկտեմբեր 8-էն իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս կը կատարէր Պէյրութէն։ Դեկտեմբեր 8-ին իսլամիսթական ​«Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ» շարժումը գրաւած էր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը՝ վերջ դնելով Պաշշար Ասատի երկարամեայ իշխանութեան։