image

Հալէպի մէջ. Դոկտ. Մարալ Սարգիս պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարումը

  Հալէպի մէջ. Դոկտ. Մարալ Սարգիս պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարումը

Հալէպի պետական համալսարանին մէջ ակնառու պաշտօն զբաղեցնող հայազգի ակադեմական գործիչ՝ Դոկտ. Մարալ Սարգիս պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հալէպահայ լրագրող՝ Յովիկ Շեհիրեանի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝ 

Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հրմանագրով` հալէպահայ Փրոֆ. Դոկտ. Մարալ Սարգիսի որպէս Հալէպի Պետական Համալսարանի նախագահի գիտական հետազոտութիւններու եւ բարձրագոյն ուսման տեղակալ երկու տարիով երկարաձգուեցաւ։