Հալէպի Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանը յայտնած է նախակրթարանի փոքրիկներէն մէկուն մահուան մասին.
Նախակրթարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը գուժեն կեանքէն անժամանակ հեռացած փոքրիկ Յարութ Գազէզեանի մահը եւ ցաւակցութիւններ կը յայտնեն Գազէզեան ընտանիքին ու հարազատներուն:
Մահուան պատճառը չի նշուիր: