Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան ընդունած է Յոյն Ուղղափառ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հոգեւորակնները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 28 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլիի ներկայացուցիչ հայր սուրբեր, որոնք Մաալուլի եպիսկոպոսին ողջոյնները փոխանցելով հրաւիրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու «Հալէպէն Լոյս Մը» խորագիրը կրող շաբթուան զանազան նախաձեռնութիւններուն։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ յոյս յայտնեց մասնակից դառնալու վերոյիշեալ նախաձեռնութիւններուն։ Ան իր ողջոյնները փոխանցեց Մաալուլի եպիսկոպոսին եւ յաջողութիւն մաղթեց աւանդութիւն դարձած նախաձեռնութիւններուն։