image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Կրթասիրաց Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի նորանշանակ պատասխանատուներ Սրբազանին՝ հիւր

Հալէպ. Կրթասիրաց Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի նորանշանակ պատասխանատուներ Սրբազանին՝ հիւր

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, հիւրընկալած է Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան անդամներ եւ նորանշանակ տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան անդամներ եւ նորանշանակ տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեան։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան։

Հոգաբարձութեան ատենապետ բժշկ. Ռաֆֆի Զէյթճեան ներկայացուց նորանշանակ տնօրէնը։ Հանդիպումին միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ կրթական ծիրէն ներս առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։

Տնօրէն բժշկ. Ճորճ Դաւիթեան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը այցելելու վարժարան եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու աշակերտներուն։

Սրբազան Հայրը, նոր տարեշրջանի սեմին յաջողութիւն, համբերութիւն եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ տնօրէնին, որպէսզի յոյսով եւ հաւատքով կարողանան դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները։ Այս առիթով, ան իր նոր հրատարակած գիրքերէն նուիրեց այցելուներուն