image

Հալէպ. Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Հովիւի այցը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին

Հալէպ. Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Հովիւի այցը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին

Օրերս Սուրիոյ Գամիշլի շրջանի Հայ Կաթողիկէ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան այցելած է Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը՝ 

Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի։

Սրբազան Հայրը գնահատեց հայր սուրբին հոգեւոր ծառայութիւնը, եւ նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ամիսներուն հայր սուրբը իր ծառայութիւնը պիտի մատուցէ Քեսապի մէջ, Սրբազան Հայրը առաւել ուժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։ 

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց հայր սուրբին։