Յիշեցնեմ, որ նոյն ծիրին մէջ եւ ամիսներ առաջ լիբանանահայ այլ երիտասարդ մը՝Գուրգէն Փափազեան նկարահանած էր տեսանիւթերու շարք մը նուիրուած Արեւմտեան Պէյրութին («Ղարպիյէ» ընդհանուր խորագրին ներքով), եւ ինչպէս այդ պարագային, այս տեսաշարերը եւս կը վայելեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի ամբողջական նեցուկը։
Տխուր է գուցէ այն փաստը, որ Պէյրութի գլխաւոր հայաւան համարուող՝ Պուրճ Համուտի բնիկ զաւակներէն շատ-շատերը կ՚ապրին անկէ հեռու։
Հեռաւոր ափերու վրայէն անոնք իրենց հայացքներով կը հետեւին սփիւռքի արգանդ համարուող քաղաքի տատանումներուն, փուլի մը, որ իրողապէս վտանգուած է ոչ միայն այդ հայադրոշմ աւանը, այլ ամբողջ Լիբանանը։
Պայմաններու բերումով երբեմնի ծաղկուն կեանք ունեցած Պուրճ Համուտը այսօր տատանումներու մէջ է։
Տնտեսական բարդութիւններ, ընկերային խնդիրներ, քաղաքական համընդհանուր անորոշութիւնը եւ այդ բոլորին զուգահեռ մարդագրական (հայկական առումով) թիւի մեծ նահանջ։
Ու այս բոլորէն անդին կայ, կը շարունակուի ճիգը «հայկական ափ»ը իր աւիշով, իր երանգով եւ տեսակով հայկական պահելու։
Ճիգ մը, որ շատ ատեններ կը թուի ըլլալ անկարելիութիւն մը, ի տես այն խնդիրներուն, որոնց կը զառնուին լիբանանահայութիւնը պահել-պահպանելու կոչուած բոլոր մարմինները։
Այդ ճիգերուն մէջ մեծ տեղ ունին անոնք, որ կերպով մը դարձած են Պուրճ Համուտի իրաւ «պահապան հրեշտակներ»։ Անոնք, որ ծնած են այդտեղ, հասակ նետած են անցեալի Պուրճ Համուտին մէջ, տեսած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մեծ օրհասը ու այս բոլորով հանդերձ շարունակած են ապրիլ ու գործել յանուն՝ Պուրճ Համուտի։
Գուցէ նաեւ այս մասին կը պատմէ լիբանանահայ՝ Հրայր Գալէմքերեանի նոր տեսաշարը, որուն օրեր առաջ միայն երեւելի դարձաւ համացանցի մէջ։
Հարազատ դէմքեր, հարազատ անուններ, հինէն եկող աւանդ եւ նորով գեղեցիկ դարձող առօրեայ։ Այս բոլորին մասին կը պատմեն Հրայր Գալէմքերեանի կերպարները, որոնք անկեղծ են, իրական են ու ապրեցնող են։
Այստեղ ընթերցողներուս հետ կը կիսուիմ համանցանցով երեւցած Գալէմքերեանի կարճ տեսանիւթը, այն յոյսով որ երիտասարդ բեմադրիչը շուտով մեզի պիտի բանայ մեր բոլորին սիրելի՝ Պուրճ Համուտի ամենատարբեր ծալքերն ու ներկայացնէ անոր անմահ հերոսները։
Յիշեցնեմ, որ նոյն ծիրին մէջ եւ ամիսներ առաջ լիբանանահայ այլ երիտասարդ մը՝Գուրգէն Փափազեան նկարահանած էր տեսանիւթերու շարք մը նուիրուած Արեւմտեան Պէյրութին («Ղարպիյէ» ընդհանուր խորագրին ներքով), եւ ինչպէս այդ պարագային, այս տեսաշարերը եւս կը վայելեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկ»ի ամբողջական նեցուկը։