image

Գիւղացիները որպէս բողոքի նշան փակած են Երեւան-Ապարան ճանապարհը

Գիւղացիները որպէս բողոքի նշան փակած են Երեւան-Ապարան ճանապարհը

Արագածոտնի մարզի Վարդենուտ գիւղի բնակիչներն այսօր առաւօտէն փակած են Երեւան–Ապարան ճանապարհը։

Անոնք դէմ են գիւղի հողատարածքներէն 110 հեքթարը հանրային գերակայ շահ ճանչնալու գործընթացին:

Անոնց խօսքով՝ Արագածի լանջին լեռնադահուկային հանգստավայր ու գիւղատնտեսական արտադրութեան կեդրոններ կառուցող «Ռիդ» ընկերութիւնն իրենց արօտավայրերու համար չնչին փոխհատուցում կ՚առաջարկէ՝ 1 քառակուսի մեթրի համար 345 դրամ: Մինչդեռ, ըստ գիւղացիներէն մէկու, անկախ գնահատմամբ, մէկ քառակուսի մեթրն աւելի քան 3 հազար դրամ է։

Աւելի քան երկու ժամ ճանապարհը փակ պահելէ ետք վարդենուտցիներն այն բացին՝ վարչապետի հետ հանդիպման պայմանով:

ՀՀ կառավարութեան`2023 թ. մարտ 2–ի որոշմամբ «ՌԻԴ» ընկերութեան կողմէ ներկայացուած`ամառնային եւ ձմեռնային զբօսաշրջային, լեռնադահուկային, էքո-գիւղատնտեսական արտադրութեան կեդրոնի ստեղծման եւ ջրամբարի կառուցման «Արագած» ներդրումային ծրագիրը իրականացնելու նպատակով շարք մը հողամասեր հանրային գերակայ շահ ճանչցուած են։ Վարդենուտ գիւղի հողատարածքներէն հանրային գերակայ շահ ճանչցուած է 110 հեքթար հողատարածք։

Տարեսկիզբին Վարդենուտի բնակիչները նամակով դիմած էին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ՀՀ տնտեսութեան նախարարին։

Նշենք, որ անոնք ճանապարհ փակած էին նաեւ այս տարուան մարտին`բողոքելով, որ «ՌԻԴ» ընկերութիւնը կը փորձէ գնել իրենց պատկանող գիւղատնտեսական նշանակութեան հողատարածքներ`վճարելով ընդամէնը 300 դրամ 1 քառակուսի մեթրի համար։