image

«Ղարաբաղի անվտանգութեան հովանաւորը Ռուսական խաղաղապահ ուժերն են». ՌԴ ԱԳՆ

«Ղարաբաղի անվտանգութեան հովանաւորը Ռուսական խաղաղապահ ուժերն են». ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակի կապակցութեամբ։

«Այսօր կը լրանայ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը. պայմանագիր, որ մեծապէս որոշած է մեր միջպետական յարաբերութիւններու սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները։

Փաստաթուղթը կարեւոր հանգրուան դարձած է երկկողմ գործընկերութիւնը իսկական դաշինքի մակարդակի հասցնելու ճանապարհին։

Երկկողմ ներուժի ձեւաւորման համար վճռորոշ նշանակութիւն ունին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններու միջեւ վստահութեան վրայ հիմնուած կանոնաւոր շփումները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ոչ միայն լուծելու հրատապ խնդիրները, այլեւ համակարգելու դիրքորոշումները տարածաշրջանային եւ միջազգային հիմնական խնդիրներու վերաբերեալ:

19-20 Ապրիլ, 2022-ին ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ.Վ. Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ. Փաշինեանի համատեղ յայտարարութիւնը կը հաստատէ  1997 թուականի պայմանագրով ամրագրուած սկզբունքներով միջպետական յարաբերութիւնները համակողմանիօրէն խորացնելու եւ ընդլայնելու մտադրութիւնը։

Մենք վճռական ենք շարունակելու առանցքային դաշնակցի դիրքերէ օգնել Երեւանին իր պաշտպանունակութեան եւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման եւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին։ Մենք համոզուած ենք, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ուղին կ'անցնի 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի եւ նոյեմբեր 26-ի  եռակողմ համաձայնագրերու խստիւ պահպանմամբ: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման հիմնական գործօնը:

Մենք անկեղծօրէն կը գնահատենք մեր բարեկամութիւնը եղբայրական Հայաստանի հետ եւ վճռական ենք աւելի ամրապնդելու ռուս-հայկական դաշինքը՝ յանուն մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու բարգաւաճման։