Իրանի մէճլիսի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը նշանակուած է պատուիրակութեան ղեկավար՝ Ուրբաթ օր Իսլամապատի մէջ ԱՄՆ-ի հետ կայանալիք բանակցութիւններուն։ Այս մասին յայտնած է ISNA գործակալութիւնը։
Ըստ գործակալութեան տեղեկութիւններուն՝ ամերիկեան կողմէն գլխաւոր բանակցողը պիտի ըլլայ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։
Նշենք, որ ինչպէս յայտնած է Իրանի պետական հեռուստատեսութիւնը, Թեհրանը ներկայացուցած է զինադադարի 10 պայման։ Անոնց շարքին են՝ չյարձակման սկզբունքը, Թեհրանի վերահսկողութիւնը Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ, ուրանի հարստացումը Իսլամական Հանրապետութեան տարածքին մէջ, հիմնական եւ երկրորդական պատժամիջոցներու չեղարկումը, փոխհատուցման վճարումը եւ շրջաններէն ամերիկեան ուժերու դուրսբերումը։