Ամերիկեան եւ ուքրանական պատուիրակութիւնները Մարտ 21-ին եւ 22-ին Ֆլորիտայի մէջ բանակցութիւններու հերթական փուլը ունեցած են։ Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար, ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուսթեմ Ումերով յայտնած է որոշ առաջընթացի մասին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան գրառում կատարած է իր դիմատետրի էջին։
Ումերովի խօսքով՝ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ քննարկուած են Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները եւ ռուսական կողմի հետ ռազմագերիներու փոխանակումը։ Ան նշած է, որ դիրքորոշումներու համաձայնեցման հարցով կայ առաջընթաց։
ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ աւելի վաղ տեղեկացուցած էր ուքրանական կողմին հետ կառուցողական բանակցութիւններու մասին։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի իր կարգին Telegram-ի վրայ յայտնած է, որ կան Մոսկուայի հետ ռազմագերիներու փոխանակումը շարունակելու վերաբերեալ ազդանշաններ։ Անոր խօսքով՝ հասկնալի է, որ ամերիկեան կողմի ուշադրութիւնը այժմ կեդրոնացած է Իրանի շուրջ իրավիճակի վրայ, սակայն նաեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը պէտք է աւարտել։
Միեւնոյն ժամանակ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։