Բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի ընթանայ ըստ ժամանակացոյցի՝ հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատուիրակութիւնները նոյն օրը միաժամանակ պիտի հասնին Իսլամապատ։ Այս մասին յայտնած է Al Hadath-ը՝ յղում կատարելով փաքիստանցի պաշտօնեայի։
Փաքիստանցի պաշտօնեան նաեւ նշած է, որ այս պահուն տեղեկութիւն չունին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հրադադարի երկարաձգման վերաբերեալ։
Իր հերթին, Իսլամապատի մէջ Al-Hadath-ի թղթակիցը ըսած է, թէ ամերիկեան եւ իրանական պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը իսկապէս հաստատուած է՝ նշլով, որ երէկուընէ կը գործեն նախապատրաստական պատուիրակութիւններ՝ բանակցութիւնները դիւրացնելու համար։
CNN-ը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ ամերիկա-իրանական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ չորեքշաբթի առաւօտեան՝ ապրիլ 22-ին, Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ։ Ըստ հեռուստակայանի՝ ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, իսկ իրանական պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։
Թեհրան տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը, սակայն իրանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ պատուիրակութիւններու հանդիպումը պիտի կայանայ ապրիլ 22-ին կամ 23-ին՝ Փաքիստանի մէջ։
Այս պայմաններուն մէջ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ իրանցիներուն նկատմամբ չի կրնար ուժ գործադրուիլ։ Իրանի նախագահը կոչ ըրած է յարգելու ստանձնուած պարտաւորութիւնները, որոնք հիմք կը ծառայեն երկխօսութեան համար։
Փեզեշքիանի խօսքով՝ Իրանը պատմականօրէն չի վստահիր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան։ Իսկ ամերիկացի պաշտօնեաներու ոչ կառուցողական եւ հակասական յայտարարութիւնները դառն ուղերձ կը պարունակեն, թէ անոնք կը պահանջեն Իրանի անձնատւութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններ վարած են ապրիլ 11-ին Իսլամապատի մէջ։ Իրանական պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը, իսկ ամերիկեան պատուիրակութիւնը՝ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։ Թեհրանն ու Ուաշինկթընը հետագային հաստատած են, որ շարք մը հակասութիւններու պատճառով չեն կրցած համաձայնութեան գալ հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման շուրջ։