image

Գերմանիան դիմած է Եւրայանձնաժողովին ռուսական «Սփութնիք» պատուաստն ստանալու համար

Գերմանիան դիմած է Եւրայանձնաժողովին ռուսական «Սփութնիք» պատուաստն ստանալու համար

Գերմանիան կոչով դիմած է Եւրոյանձնաժողովին Covid-19-ի դէմ «Սփութնիք V» ռուսական պատուաստանիւթի համաեւրոպական մակարդակով գնման համար: Այս մասին յայտնած է Politico-ն:

«Մենք Եւրոյանձնաժողովէն խնդրած ենք «Սփութնիք V»-ի գնման գործընթաց սկսիլ… Այժմ մենք կը տեսնենք, որ Եւրոյանձնաժողովը սկսած է այդ գործընթացի մեկնարկը»,- Պերլինի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ այդ մասին յայտնած է գերմանական իշխանութիւններու ներկայացուցիչը:

Ինչպէս նշած է պարբերականը, իր զրուցակիցը յոյս ունի, որ պատուաստանիւթի գնման պատրաստուելու գործընթացը կրնայ սկսիլ արդէն հիմա: