Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու երկրորդ օրը հեռացած է Ապու Տապիի հիւրանոցէն, ուր հանգրուանած էր։
Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ չմանրամասնելով ռուսական կողմի հեռանալու պատճառները։
Անվտանգութեան հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստին Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը ներկայացած է երկրի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի գլխաւոր վարչութեան պետ Իկոր Քոսթիւքովի ղեկավարութեամբ։
Ապու Տապիի մէջ յունուար 23-ին՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած էր անվտանգութեան հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի առաջին նիստը, որ կայացած էր փակ ռեժիմով։ Ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնեաներէն մէկը NBC News-ի թղթակցի հետ զրոյցին արդիւնաւէտ որակած էր այս հանդիպումը։