image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանական բանակը պէտք է դառնայ ամենաուժեղը Եւրոպայի մէջ. Մերց

Գերմանական բանակը պէտք է դառնայ ամենաուժեղը Եւրոպայի մէջ. Մերց

Գերմանական բանակը պէտք է դառնայ ամենաուժեղը Եւրոպայի մէջ. նոր վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցն իր առաջին ուղերձն յղած է կառավարութեան: Պունտեսթակի մէջ իր ելոյթին մէջ Մերց յստակ արտայայտած է իր դիրքորոշումը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերեալ։ Անոր խօսքով՝ Գերմանիան պատերազմի կողմ չէ եւ չուզեր դառնալ:

Գերմանիան, ըսած է Մերցը, Ուքրանիոյ կողքին է առանց որեւէ «եթէ-ի» կամ «բայց»-ի: Ան կը կարծէ, որ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման լաւագոյն ռազմավարութիւնը բանակի հզօրացումն է։ Մերցը վճռականօրէն աջակցած է Զինուած ուժերու ծախսերու աւելացման:

«Պէտք է կարողանանք պաշտպանուիլ, որ չպաշտպանուինք... Ուժը կը վանէ յարձակումները, թուլութիւնը, ընդհակառակը, կը գրաւէ անոնց», - ընդգծած է վարչապետը:

Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Զինված ուժերը, կը կարծէ վարչապետը, պէտք է դառնայ Եւրոպայի ամենաուժեղ բանակն առանց միջուկային զէնքի։