Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Ժոզէֆ Աուն, պատկերասփռուած ուղերձով յայտարարեց, որ զինադադարը համազգային ջանքերու եւ ժողովուրդի զոհողութիւններու արդիւնք է։
Ան շեշտեց պետական գերիշխանութեան վերականգնումը, իսրայէլեան ուժերու հեռացումը եւ տեղահանուածներու վերադարձը՝ իբրեւ առաջնահերթութիւններ։
Նախագահը նաեւ զգուշացուց, որ լիբանանցիները «մէկ նաւու մէջ են» եւ պէտք է միասին ընտրեն կայունութիւնն ու բարգաւաճումը։
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Ժոզեէ Աուն, պատկերասփռուած ուղերձով դիմեց լիբանանցի ժողովուրդին՝ յայտարարելով, թէ զինադադարի որոշումը ծնած է համազգային ճիգերէն եւ լիբանանցիներու կատարած մեծ զոհողութիւններէն։ Ան ընդգծեց, որ այս արդիւնքը կը պատկանի այն քաղաքացիներուն, որոնք, հակառակ դժուարութիւններուն, շարունակած են գոյատեւել իրենց տուներուն եւ գիւղերուն մէջ՝ ապացուցելով աշխարհին, թէ պիտի չլքեն իրենց հողը ինչ ալ ըլլան պայմանները։
Նախագահը վերահաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան առաջնահերթ նպատակներն են իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումը, իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումը, պետական գերիշխանութեան հաստատումը երկրի բոլոր տարածքներուն վրայ, գերիներու ազատ արձակումը եւ տեղահանուածներու ապահով վերադարձը իրենց բնակավայրեր։
Իր խօսքին մէջ Աուն շեշտեց, որ այլեւս թոյլ պիտի չտայ, որ լիբանանցի մը զոհուի կամ ժողովուրդին արիւնը թափուի արտաքին ուժերու շահերուն կամ տարբեր առանցքներու հաշիւներուն համար։ «Բոլոր լիբանանցիները մէկ նաւու մէջ են․ կա՛մ զայն իմաստութեամբ կը հասցնենք ապահով նաւահանգիստ, կա՛մ ալ միասին կը խորտակուինք», ըսաւ ան։
Դիմելով տեղահանուածներուն՝ նախագահը վստահեցուց, թէ անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները՝ ընդգծելով, որ Լիբանանի ապագան չի կրնար ենթարկուիլ արկածախնդրութեան։ «Լիբանանի մէջ միայն պետութեան ծրագիրն է մնայուն եւ ապահով բոլորին համար», յայտնեց ան։
Աուն նաեւ շեշտեց, որ բանակցութիւնները չեն նշանակեր զիջում կամ ազգային սկզբունքներու ոտնահարում։ «Անձնասպանութեան եւ բարգաւաճման միջեւ մենք կ՛ընտրենք բարգաւաճումը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ պատրաստ է երթալու ուր որ պէտք է՝ պաշտպանելու ժողովուրդը եւ ազատագրելու հայրենի հողը։