image

Պոլիս. Պատրիարքարանի յարկին ներքոյ. Տիկնանց կազմերու այցելութիւն

Պոլիս. Պատրիարքարանի յարկին ներքոյ. Տիկնանց կազմերու այցելութիւն

 Պոլսահայ տիկնայք  Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին հայրական հոգածութեան համար։ Տիկիններ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին նաեւ աւանդական սոյն ընդունելութեան համար։ 

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի  էջէն կը կարդանք՝ 

Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 8 Ապրիլ 2026, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ներկայ էր Արժ. Տ. Պատրիարքական Փոխանորդ Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ յետ այսու զանազան հաւաքոյթներով կատարուին խորհրդակցութիւններ եւ կիներու գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակուի։

Տիկինները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին հայրական հոգածութեան համար։ Տիկիններ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին նաեւ աւանդական սոյն ընդունելութեան համար։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տալէ յետոյ բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ։