image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը կրնան լուծուիլ առաջիկայ ամիսներուն․ Պայրամով

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը կրնան լուծուիլ առաջիկայ ամիսներուն․ Պայրամով

Մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հիմնական հարցերը կրնան լուծուիլ առաջիկայ ամիսներուն։ Այս մասին «ԱՊԱ»-ի թրքական բիւրոյին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Անոր խօսքով, վերջերս տեղի ունեցած են կարգաւորման գործընթացի հետ կապուած կարեւոր զարգացումներ. «Ուաշինկթընի գագաթնաժողովը յատկապէս ուշագրաւ է։ Անցեալ օգոստոսին Ատրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն։ Այս փաստաթուղթը նաեւ որպէս վկայ հաստատեց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։ Միաժամանակ նախաստորագրուեցաւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, եւ ստորագրուեցաւ Մինսքի խումբը լուծարելու կոչը։ Ընդհանուր առմամբ, այս քայլերը սահմանեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճնի միջեւ կարգաւորման գործընթացի յաջորդ փուլի ճանապարհային քարտէզը։

Ատկէ ետք Ալիեւ Սպիտակ տան մէջ կայացած պաշտօնական արարողութեան ժամանակ յայտարարեց, որ խաղաղութիւնն արդէն իրականութիւն դարձած է Ատրպէյճանի համար։ Հետագայ քայլերը նոյնպէս հաստատեցին այս մօտեցումը։ Սա պարզապէս քաղաքական յայտարարութիւն չէ, այլ դիրքորոշում, որ կ՚արտացոլէ Ատրպէյճանի ռազմավարական տեսլականը»,-ըսած է Պայրամովը։