Ռուսիոյ հետ պայմանաւորուածութիւն կայ՝ իրագործել նախապէս ձեռք բերուած ռազմատեխնիկական պայմանաւորուածութիւնները: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ապրիլ 18-ին կառավարութենէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ:
«Մենք ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն ունենք, ունեցել ենք, որը ինչ-որ մի ժամանակ էականօրէն կամ ընդհատուել էր, կամ քչացել էր, եւ մենք, այո՛, ունենք պայմանաւորուածութիւն, որ նախկինում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները իրագործենք»,- յայտարարած է վարչապետը:
Ապրիլ 15-ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով ապրիլ 1-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահի հետ հանդիպման արդիւնքներուն, յայտարարած էր, որ այդ այցի ընթացքին ձեռք բերուած են ռազմավարական նշանակութեան այնպիսի պայմանաւորուածութիւններ, որու արտայայտութիւնն առաջիկային պիտի տեսնենք։
Իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք Ռուսիայէն քանի մը հարիւր միլիոնի զէնք գնած է Հայաստանը, բայց անհրաժեշտ զէնքը չէ մատակարարուած։